Արամ Քերովբեան


Արամ Քերովբեան ծնած է Կ. Պոլիս։ Կ՚աշակերտէ քանունի վարպետ Սաատետտին Էօքթէնային։ 1977ին կը տեղափոխուի Փարիզ եւ կը միանայ Կոչնակ խումբին։ Փարիզի մայր եկեղեցւոյ երաժշտապետ Արամանեակ Արապեանէն կ՚ուսանի եկեղեցական երգեցողութիւն, եւ իրեն կը յաջորդէ 1990-ին (մինչեւ 2019)։ 1985-ին կը հիմնէ Ակն երգչախումբը։ Կ՚աշխատի նաեւ թատերական աշխարհին մէջ, որպէս երաժիշտ, ուսուցիչ եւ յօրինող։ Աւարտած է հայկական ութձայնային հա­մա­կարգի մասին տոքթորական մը։ Կը հրատարակէ եկեղեցական երա­ժշտու­թեան ձայնեղանակներու տե­սու­թեան եւ պատմութեան մա­սին յօդուածներ եւ գիրքեր։

Association Akn
chant modal arménien