Ձայնեղանակային Երաժշտութեան Ուսմանց Կեդրոնը հիմնուած է 1998–ին, որպէս հետեւանք՝ 1990–էն ի վեր տարուող խմբային փորձառական աշխատանքի մը։
Կեդրոնը իր գործունէութիւնը կը տանի երեք ուղղութեամբ.
ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
Կեդրոնը բանաւոր փոխանցումով կ՚ընձեռէ՝ եկեղեցական աւանդական երգեցողութեան ուսուցում։ Աշխատանքը, անհատական կամ խմբային, կը միտի զարգացնել լսողութիւնը, երաժշտական զգայնութիւնը եւ յիշողութիւնը։
Ուսումնական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ՝ հայկական երգեցողութեան ձայնային դրութիւնը, ներառեալ՝ աւանդական տիպար եղանակները, մասնաւոր ձայնամիջոցները, ինչպէս նաեւ լեզուի եւ երաժշտութեան միաձուլման հետ կապուած մասնաւոր դրութիւններ։ Ուսումնական ծրագրին մաս կը կազմէ նաեւ Հայ Արդի Ձայնագրութիւնը։
Փոխանցման սկզբունքն է՝ իւրացնել կրկնելով։ Աշխատանքի խումբին մէջ ընդունուելու համար նախապայման չէ՛ երաժշտական պատրաստութիւն ունենալը։ Նոր մասնակիցները, երեք ամսուան փորձի շրջանէ մը վերջ, ղեկավարի որոշումով կ՚ընդունուին կամ կը մերժուին՝ ըստ իրենց ցուցաբերած տրամադրութեան եւ ունակութեան։
Ներկայիս, ուսուցումը կը կատարուի երկու խումբերով.
1– Հին անդամներէն կազմուած Ակն երգչախումբը։
2– Սկսնակ անդամներու խումբը, որուն կը միանան նաեւ երգչախումբի անդամները։
Երգչախումբը կը հաւաքուի՝ ամեն Երկուշաբթի երեկոյ, ժամը 9–ին։ Աշխատանքը կը տեւէ մէկ ու կէս ժամ։
Սկսնակները կը հաւաքուին ամեն Երեքշաբթի երեկոյ, ժամը 8։30–ին։ Աշխատանքը կը տեւէ մէկ ու կէս ժամ։
Նկատի առնելով՝ ձայնեղանակային երաժշտութիւններու մէջ ունկընդրութեան կարեւորութիւնը, սկսնակ անդամներու երգչախումբի աշխատանքներուն ալ որպէս ունկնդիր ներկայութիւնը բաղձալի է։
ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ
Կեդրոնին ղեկավարը՝ Արամ Քերովբեան, իր երաժշտագիտական հետազօտութիւնները կը կատարէ Կեդրոնէն ներս, քանի որ այժմ ան միակ վայրն է ուր կը համախմբուին թէ՛ ուսուցողական եւ թէ վաւերագրական գործունէութիւններ։
Եկեղեցական երգեցողութեան եւ Ութ–Ձայնի տեսութեան վերաբերեալ յայտնաբերուած բոլոր իւրայատկութիւնները արդիւնք են հետազօտական եւ փորձառական աշխատանքներուն միշտ զուգահեռաբար տարուելուն։
ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Կեդրոնին հիմնական ծրագիրներէն մէկն է ձայնագրական եւ վաւերագրական դիւաններու կազմութիւնը։ Վերջին տարիներն են, որ տակաւին կարելի է հանդիպիլ աւանդական ոճի տէր դպիրներու։ Կեդրոնը կը ջանայ զանոնք գտնել եւ իրենց երգեցողութիւնը արձանագրել։
Նոյնպէս, ԺԹ դարու վերջերուն եւ Ի դարու սկիզբին գրուած երգեցողութեան տետրերը կորուստէ փրկելու համար Կեդրոնը տեւաբար կոչ կ՚ուղղէ, նախ՝ զանոնք չնետելու, եւ ի հարկին, փոխանցելու Կեդրոնին, որպէս զի, փոխանակ գրադարաններու անկիւնները մնալու, գործածուին այդ տետրերը՝ թէ՛ հետազօտական եւ թէ կատարողական գետնի վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝
Արամ Քերովբեանին
Հեռաձայն՝ 01 42 06 74 26
Ել-գիր՝ info@akn-chant.org
Հայկական Ութ-Ձայն համակարգը։ Արամ Քերովբեանի առցանց ներկայացումը, կազմակերպուած՝ Լոնտոնի Հայ Հիմնարկի կողմէ. 2020, յունիս 11։ Սեղմեցէք այստեղ
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱՐԱՄ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆԻ ՀԵՏ
© AKN 2005-2024. Reproduction interdite sans accord écrit.
Site réalisé par Symétrie.
Page mise à jour le 23-05-2021.
Association Akn
chant modal arménien