23 Հոկտեմբեր 2016: Աքսորեալ երգեր (Chœurs en exil/Singing in exile) ֆիլմը շահեցաւ Ֆարէլ մրցանակը (Նէօշաթէլ, Զուիցերիա)

Ակն երգչախումբի կոչումն է՝ վերականգնել եւ զարգացնել Հայոց աւանդական եկեղեցական երգեցողութիւնը։ Ակն–ի ներկայացումները կ՚արտացոլեն՝ Արամ Քերովբեանի ղեկավարութեամբ 1990–էն ի վեր կատարուող աշխատանքը։ Փորձառական այդ աշխատանքէն է որ 1998–ին Փարիզի մէջ ծնած է նաեւ Հայ Եկեղեցական Երաժշտութեան Ուսմանց Կեդրոնը։

Ակն երգչախումբը կը կատարէ Հայոց եկեղեցական աւանդական երգերը, յատկապէս շարականները, որոնք կը կազմեն ընդհանուր երգացանկին մեծագոյն մասը։ Թուերգային եւ ծանր Սաղմոսները, Ժամագրքի երգերը, ինչպէս նաեւ տաղերը եւ մեղեդիները, երգուած՝ խմբովին կամ մեներգութեամբ, մաս կը կազմեն ներկայացուող յայտագիրներուն։ Միաձայն եւ ձայնեղանակային սոյն երգերը կը կատարուին իրենց բնածին ձեւով եւ ձայնապահութեամբ։

Ակն–ը 8–էն 12 անդամով կազմուած երկսեռ երգչախումբ մըն է։ Հիմնական մեներգչուհին է Վիրճինիա Քերովբեան ։

Ակն–ի կատարումը հիմնուած է՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դպրաց դասերու աւանդութեան վրայ։ Սոյն դարաւոր աւանդութիւնը, ժամերգութիւններու դադարումին եւ արեւմտեան երաժշտական ձեւերու ներխուժումին պատճառաւ կորուստի ենթարկուած ըլլալով, Ակն կը ջանայ զայն տարածել որպէս կենդանի աւանդութիւն։
Ել-գիր՝ info@akn-chant.org

Nathalie Rossetti-ի եւ Turi Finocchiaro-ի պատրաստած ԱՔՍՈՐԵԱԼ ԵՐԳԵՐ վաւերագրական ֆիլմին ծանուցման տեսերիզը։

Անդամակցելու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար՝ Հաղորդակցութիւն էջը։

Պահեր՝ նոր սկաւառակի արձանագրութենէն։ Կարճ տարբերակ։

Ակն կեդրոնի հրաշալի երրեակը՝ France 2 հեռատեսիլի կայանէն։ Ցրումը՝ 2020, դեկտ. 25ին, ժամը 9-ին։
Դիմագիրքի վրայ։

2019, ՄԱՅԻՍ 18: ՁԱՅՆԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ ԿԼԵՆՏԷՅԼ-ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ։

Հարցազրոյց Արամ Քերովբեանի հետ։
Հայերէն
Յունարէն


ԱՔՍՈՐԵԱԼ ԵՐԳԵՐ ՖԻԼՄԻՆ ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ Է

Նորութիւններ ունինք։
ՐՈՒՐԻ-ին էջը տեսնելու համար՝ այստեղ, եւ կամ այցելեցէք մեր Գիրքեր էջը։


Ակն-ի նախկին սկաւառակը՝ “Յարութեան երգեր”
Տակաւին տրամադրելի է։ Կրնաք ել-գիրով ապսպրել։

ԱԿՆի սկաւառակները գնելու համար կրնաք PayPal գործածել. գրեցէ՛ք մեզի։

Լուրեր աշխատանոցներուն մասին։

ԵԹԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՏՐԱԿՆԵՐ ՊԱՀԱԾ ԷՔ, ԲԱՐԵՀԱՃԵՑԷՔ ՄԵԶ ՏԵՂԵԿԱՑՆԵԼ։
ՄԵՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՆ ԱՆՈՆՔ։

ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ։ Համացանցի փնտռտուքի էջերուն մէջ Ակն-ի անուան տակ երեւցող հայատառ, սակայն խորհրդային գրելակերպով ծանօթացման տողերէն Ընկերակցութիւնս պատասխանատու չէ։

ԱԿՆ՝ ֆրանսական եւ հայկական ձայնասփիւռներէն

Association Akn
chant modal arménien