Կոխեցէք այստեղ Ձայնաշխարհ աշխատանոցներու տեսերիզներուն համար։
Այս ամառ երկու գեղեցիկ աշխատանոց վարեցինք։ Առաջինը Նորմանտիայի մէջ Լիւսեռն վանքի շուրջ կազմակերպուող փառատօնին, երկրորդը՝ Լաւոզէլի մէջ թատերական աշխատանքներու կեդրոնը։ Լուսանկարները՝ շուտով կը տեղադրենք։
2019 նոյեմբեր 3-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղեցիկ աշխատանոց մը, Բոպիկներու պարախումբին սրահին մէջ։
Փարիզի եւ Պրիւքսէլի ամսական աշխատանոցներէն դուրս, վերջերս տեղի ունեցան հետեւեալ աշխատանոցները՝
2019, յունուար 19, Մարսիլիա։ 2018, դեկտեմբեր 1-2, Մատրիտ, Escuela de Música Medieval y de Tradición Oral-ի հետ։
Le centre de musique médiévale de Paris, երեք աշխատանոցի շարք մը, նոյեմբեր 7, 28, դեկտեմբեր 19-ին։
Աշխատանոցներուն հիմնական նպատակն է՝ մասնակիցներուն մէջ ձայնեղանակային երգեցողութեան հանդէպ զգայնութիւն արթնցել։ Ձայնապահութեամբ սկսող եւ աստիճանաբար յառաջացող աշխատանքի մը ընթացքին, մասնակիցները, խմբովին կը ծանօթանան անհաւասարաչափ եւ բնական ձայնամիջոցներու, յետոյ, լսելով եւ կրկնելով կը սորվին հայկական եկեղեցական երգեր։
Կեդրոնին կազմակերպած աշխատանոցները հանրութեան բաց են. անոնց կրնան մասնակցիլ թէ՛ սիրող եւ թէ արհեստավարժ երաժիշտները, ինչպէս նաեւ երաժիշտ չեղող անձինք։
Առաջարկուած աշխատանքը ունի երկու նպատակ.
1– Անհատի՝ ինքն իր ձայնովը կատարելիք աշխատանքը, զայն բնական ձեւով արտադրելու, շնչառութիւնը կանոնաւորելու, մարմինը ճնշումէ զերծ պահելու համար։
2– Ձայնեղանակներու իւրացումը՝ այլեւս մեր առօրեայէն բացակայ եղող բնական ձայնամիջոցներու ընդմէջէն։ Այս աշխատանքով մասնակիցը երգին կը մօտենայ ձայնեղանակի ծիրին մէջ, եւ ոչ որպէս ձայներու յաջորդականութենէ կազմուած եղանակ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝
info@akn-chant.org
Երգեցողութեան աշխատանոց Teatr Zar խումբին հետ։
2019, ՄԱՅԻՍ 18: ՁԱՅՆԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ ԿԼԵՆՏԷՅԼ-ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ։
Պրիւքսէլի եւ Փարիզի երգեցողութեան աշխատանոցները վերսկսած են։
Երգեցողութեան աշխատանոց՝ Հռոմի մէջ
Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեան Պէլճիքայի Նէօֆշաթօ քաղաքին մէջ կազմակերպուող AKDT-ի ամառնային աշխատանոցներուն երկրորդ անգամ ըլլալով մասնակցեցան։ Աշխատանոցը տեղի ունեցաւ 2016 յուլիս 9-էն 16։
2010-ի յունիսէն ի վեր Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեան երգեցողութեան աշխատանոցներ կը վարեն Լեհաստանի մէջ, Կռոթովսքի Հիմնարկին ծիրէն ներս։
2008, յուլիս 14 եւ Յուլիս 25-ի միջեւ, Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեան Պոլսոյ մէջ երգեցողութեան աշխատանոց մը վարեցին։ Եօթը նիստերէ բաղկացած աշխատանոցին մասնակցեցան քսանէ աւելի անձեր։ Աշխատանոցը կազմակերպուած էր Հրանդ Տինք Միջազգային Հիմնադրամին կողմէ։
2008, յուլիս 18-ին Թուրքիոյ Today’s Zaman թերթին մէջ լոյս տեսաւ՝ աշխատանոցին մասին անգլերէն յօդուած մը։
Ակօս թերթի 2008, օգոստոս 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսաւ նոյն առիթով կատարուած հարցազրոյց մը։
© AKN 2005-2024. Reproduction interdite sans accord écrit.
Site réalisé par Symétrie.
Page mise à jour le 19-09-2022.
Association Akn
chant modal arménien