Արամ Քերովբեան ծնած է Կ. Պոլիս։ Կ՚աշակերտէ քանունի վարպետ Սաատետտին Էօքթէնային։ 1977ին կը տեղափոխուի Փարիզ եւ կը միանայ Կոչնակ խումբին։ Փարիզի մայր եկեղեցւոյ երաժշտապետ Արամանեակ Արապեանէն կ՚ուսանի եկեղեցական երգեցողութիւն, եւ իրեն կը յաջորդէ 1990-ին (մինչեւ 2019)։ 1985-ին կը հիմնէ Ակն երգչախումբը։ Կ՚աշխատի նաեւ թատերական աշխարհին մէջ, որպէս երաժիշտ, ուսուցիչ եւ յօրինող։ Աւարտած է հայկական ութձայնային համակարգի մասին տոքթորական մը։ Կը հրատարակէ եկեղեցական երաժշտութեան ձայնեղանակներու տեսութեան եւ պատմութեան մասին յօդուածներ եւ գիրքեր։ |
© AKN 2005-2024. Reproduction interdite sans accord écrit.
Site réalisé par Symétrie.
Page mise à jour le 13-09-2022.
Association Akn
chant modal arménien