ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ
ԵՒ
ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Գերաշնորհ Վահան եպ. Յովհաննէսեան, առաջնորդ Ֆրանսայի Հայոց թեմին,
Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամ տիկնայք եւ պարոնայք,
Բաց նամակիս նպատակն է հանրութեան ծանօթացնել երաժշտապետութեան պաշտօնէս հրաժարիլս, որ ստիպողական դարձաւ Տէր Յուսիկ քհ. Սարգսեանի Փարիզի եկեղեցիէն հեռացումով։ Այդ արձակումը, իր բոլոր հետեւանքներով, չի կրնար լռութեամբ դիմաւորուիլ։ Ահա՛ ինչու ներկայ նամակովս՝ ձեզ կը հրաւիրեմ այդ որոշումին ծանրակշիռ հանգամանքին գիտակից դառնալու։ Այս բաց նամակը վերստին կը նշէ նոյեմբեր 12 թուակիր հրաժարականիս մէջ նկարագրուած՝ զիս այդ որոշման յանգելու մղող պարագաներն ու պատճառները, եւ մանաւանդ այդ ողբալի արարքին անխուսափելի հետեւանքները։
Այստեղ միայն հպանցիկ կերպով կը նշեմ զայրոյթս Վահան եպ. Յովհաննէսեանի որոշումին հանդէպ, որ կ՚անտեսէ Տէր Յուսիկի արժանիքն ու նուիրումը, եւ որ յատկապէս դաժան է՝ իր ընտանեկան կեանքին նկատմամբ։ Նոյնպէս, առանց մանրամասնելու կը յիշեցնեմ այդ որոշումին եւ Ծխական խորհուրդի բռնած կրաւորական դիրքին հակականոնագրական բնոյթը։ Ձեզի պիտի բացատրեմ սակայն, թէ եկեղեցւոյ երաժշտական աւանդութեան համար ի՛նչ պիտի ըլլայ այս արարքին հետեւանքը, մանաւանդ որ մեր եկեղեցին արեւմտեան սփիւռքի վերջին վայրերէն մէկն է, ուր այս երաժշտութիւնը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ։ Թերեւս պէտք է յիշեցնեմ, որ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցիին մէջ է որ ըստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միաձայն եւ ձայնեղանակային աւանդութեան եւ առանց յապաւումի ժամերգութիւն կը կատարուի անոր հիմնադրութենէն ի վեր։ Հաւանաբար տեղեակ էք՝ անձամբ պատասխանատու եմ այս աւանդութեան շարունակութենէն, մինչեւ անոր փոխանցումը՝ նոյն աւանդութեան պատկանող եւ կարող անձի մը։
Իրականութեան մէջ, հրաժարումս հետեւանքն է տարիներէ ի վեր հետզհետէ ծանրացող վիճակին։ Մէկ իրականութեամբ իսկ կարելի է նկարագրել կացութիւնը. ներկայիս, դպրութեան շապիկ հագուող անձերէն ո՛չ մէկը իմ աշակերտս է։ Խորանի սպասարկութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ, նաեւ գուցէ անձիս հանդէպ գոյութիւն ունեցող վերապահութեամբ, առիթ չէ տրուած որ դպիրները եւ նորեկները խմբուին շուրջս։ Երեսուն տարուան ջանքերս լռելեայն եւ քիչ առ քիչ ջնջուած են բոլոր առաջնորդներուն եւ ծխական պատասխանատուներուն կողմէ։
Մինչդեռ, Տէր Յուսիկի դերը վերջին տարիներուս հիմնական եղած է ժամերգութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու համար։ Դարձեալ, ի՛նքն էր որ անցեալին զիս համոզած էր չհրաժարելու։ Իրօք, Տէր Յուսիկը մեր եկեղեցւոյ միակ հոգեւորական պաշտօնեան էր որ կրնար ամբողջական կերպով կատարել ժամերգութիւնները, Ժիրայր ծ. վրդ. Թաշճեանը տարիներէ ի վեր հանգստի կոչուած ըլլալով։ Փորձառութեամբ փաստուած է, թէ անոնց բացակայութեան անկարելի է կանոնաւոր ժամերգութիւն կատարել։
Բայց եւ այնպէս, Վահան եպ. Յովհաննէսեանի ժամերգութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութեամբ եւ պաշտօնիս բացարձակ անտեսումով վերջնականապէս վարկաբեկուեցաւ երաժշտապետութեան դիրքը։ Տարիներէ ի վեր տեւող այդ անփութութեան աղէտալի հետեւանքներուն թերեւս անդրադառնաք ապագային։ Յամենայն դէպս պիտի տեսնէք, որ ընկերային հարթակներու վրայ հրապարակուած փառաւոր պատկերները պիտի չապահովեն ձեր առաքելութեան յաջողութիւնը, ոչ ալ շապիկ հագուող երիտասարդներուն ձեռնհասութիւնը։
Վերջին հաշուով, հրաժարելուս պատճառը պարզ է։ Տէր Յուսիկի հեռացումով իրողապէս զրկուած եմ երաժշտապետի պաշտօնս կատարելէ. պաշտօն մը, որուն հանդէպ արդէն գոյութիւն ունեցող արհամարհանքը այժմ հաստատուած է։
Կը հրաժարիմ ուրեմն այս պաշտօնէն, զոր կը վարէի 1990-էն ի վեր։ Գիտակից եմ պատասխանատուութեան ի՛մ բաժինիս։ Բայց եւ այնպէս չեմ կրնար ձեզի չյիշեցնել ձե՛ր բաժինը։ Առաջնորդին ձախող մէկ որոշումին, եւ Ծխական խորհուրդի անշարժութեան պատճառով, մեր եկեղեցւոյ այս՝ 115-րդ տարեդարձը պիտի դրոշմուի՝ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր այնտեղ կատարուող երաժշտական աւանդութեան վախճանով։ Արդէն բարակ թելի մը կապուած էր ան, բայց կը յուսայի օր մը կարենալ զայն վերակենդանացնել։ Այդ յոյսը այժմ վերջնականօրէն մարած է։
Դուք՝ Ծխական խորհուրդի այժմու անդամները, չանդրադարձաք ծէսերու ապագային վտանգուած ըլլալուն, ինչպէս չանդրադարձան ձեր նախորդները։ Հակառակ որ երկար ժամանակ չէ անցած ձեր ընտրութեան վրայէն, դուք ալ անխուսափելիօրէն պատասխանատու էք, որպէս նախկին վարչականներու յաջորդները։
Անտարբերութիւնը կրնայ ժառանգութիւն մը անհետացնել։ Բայց զայն վերականգնելը յաճախ չափազանց դժուար է, նոյնիսկ անկարելի։ Գիտակից եմ ըսածիս, քանի որ երկար տարիներէ ի վեր, որպէս երաժիշտ եւ երաժշտագէտ հիմնական աշխատանքս եղած է ան։ Վստահ եղէք, պէտք եղած ջանքը պիտի չխնայեմ, Հայոց երաժշտական եւ սփիւռքեան պատմութեան մէջ մանրամասնօրէն արձանագրելու համար այս դէպքը։
Բայց եւ այնպէս, հրաշքներու կը հաւատամ. երբեմն կը պատահին, երբ մենք պատրաստ կ՚ըլլանք զանոնք ընդունելու։ Եթէ երբեւիցէ պատահի հրաշք մը, եւ եթէ տակաւին ողջ եմ եւ առողջ, կարելիս պիտի ընեմ վերականգնելու համար այսօր քանդուածը, բայց նպաստս պիտի ըլլայ ա՛յն պայմաններով, որոնց գոհացումը անհրաժեշտ կը դատեմ ըստ իմ ժառանգած դպրութեան աւանդութեան։
Ձեզի կը մաղթեմ լուսամտութիւն եւ քաջութիւն։
Անկեղծաբար,
Արամ Քերովբեան
2019, դեկտեմբեր 4, Փարիզ
© AKN 2005-2024. Reproduction interdite sans accord écrit.
Site réalisé par Symétrie.
Page mise à jour le 26-01-2020.
Association Akn
chant modal arménien