Վիրճինիա Փաթթի Քերովբեան, Ակն—ի մեներգչուհին, ծնած է Միացեալ Նահանգներու Վաշինկթըն քաղաքին մէջ, ուր ուսանած է երաժշտութիւն, մասնակցելով նաեւ միջնադարեան երաժշտութեան խումբերու։ Ֆրանսա փոխադրուած է եւ շարունակած՝ իր երաժշտական ուսումը, Էքոլ Նորմալ Սիւփէրիէօր—ի եւ Ազգային Երաժշտանոցի մէջ, միաժամանակ մասնակցելով երգահանդէսներու եւ արձանագրութիւններու՝ միջնադարեան եւ Վերածնունդի երաժշտութիւններու խումբերու հետ։ Ըլլալով նաեւ Կոչնակ խումբի մեներգչուհին, Վիրճինիա Քերովբեան 1981էն ի վեր կ՚աշխատի՝ հայկական երաժշտութեան ձայնային համակարգի եւ մեկնաբանութեան մարզերուն մէջ։ Տարիներու ընթացքին, կատարած փնտռտուքը զինք առաջնորդած է դէպի ձայնի արտադրութեան եւ զարդարանքի իւրայատուկ ոճ մը, որ կ՚արտացոլէ հայերէնի ներքին երաժշտականութիւնը, թէ՛ հոգեւոր երգարուեստի մէջ գրաբարի պարագային, եւ թէ ժողովրդական եւ աշուղական երաժշտութիւններու մէջ՝ բարբառներու։ Իր մեկնաբանութիւնը ի յայտ կը բերէ հայկական երգարուեստի ձայնային կառոյցը եւ նոր հորիզոններ կը բանայ անոր բնիկ ոգիին ներթափանցելու եւ զայն փոխանցելու հոլովոյթին մէջ։ |
© AKN 2005-2024. Reproduction interdite sans accord écrit.
Site réalisé par Symétrie.
Page mise à jour le 25-11-2013.
Association Akn
chant modal arménien