ՍԿԱՒԱՌԱԿԻ ԳՆՈՒՄ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

Եթէ Ֆրանսա կը բնակիք, ձեր գնումը կրնաք այս էջին վրայ մնալով կատարել։ Իսկ եթէ ձեր բնակավայրը Ֆրանսայէն դուրս է, հաճեցէք այցելել համապատասխան էջը՝

Եւրոպական Միութեան երկիրներ եւ Զուիցերիա
Եւրոպայի այլ երկիրներ, Ափրիկէ, Ամերիկա, Ասիա, Խաղաղական

Այս կայքին վրայ կրնաք գնել ձեր սկաւառակները, վճարել ձեր անդամակցութեան սակը, կամ նուիրատուութիւն ընել Ակն Ընկերակցութեան։ Ձեզի կ՚առաջարկենք PayPal-ի ապահով վճարման միջոցը։ PayPal-ը նախ ձեզի պիտի թելադրէ արձանագրուիլ, դիւրացնելու համար ձեր ապագայ գնումներուն վճարումը, սակայն ստիպուած չէք ընդառաջելու, այլ կրնաք ուղղակիօրէն ընտրել հաշուաքարտով վճարման միջոցը։

Եթէ կը նախընտրէք վճարագրով ղրկել ձեր գնումին փոխարժէքը, ձեր ընտրութիւնը կատարելէ վերջ, ստորեւ դրուած արժեցուցակներու վրայէն հուշուեցէք ձեր վճարելիք ընդհանուր գումարը (սկաւառակին գինը, գումարուած առաքման ծախսով)։ Ձեր վճարագիրը Association Akn-ին յատկացնելէ, եւ ձեր ընտրութիւնը թուղթի մը վրայ նշելէ վերջ, զանոնք ուղարկեցէք հետեւեալ հասցէին.

Association Akn
chez Kerovpyan
10, cité Héron
75010 Paris

Վճարագրերը պէտք ըլլալ եւրօ-ով եւ գանձելի՝ Ֆրանսա գտնուող դրամատունէ մը։

Արժեցուցակ

Սկաւառակներուն իւրաքանչիւրը կ՚արժէ 15 եւրօ, որուն կ՚աւելնայ առաքման ծախսը։ Ստորեւ՝ գիները։

Քանակ Գումար
1 19 €
2 36 €
3 53 €
4 68 €

Աւելի մեծ քանակի համար, հաճեցէք մեզի գրել։

Ապաշխարութիւն եւ Յարութիւն (Pénitence et Résurrection) սկաւառակը սպառած է։ Եթէ զայն ստանալ կը փափաքիք, բարեհաճեցէք՝ ձեր ապսպրանքը կատարելէ առաջ իմաց տալ մեզի։

Մեր սկաւառակներուն վճարումը կրնաք կատարել Փէյփալ-ով կամ դրամատնային փոխանցումով։
Հաճեցէք ել-գիր մ՚ուղղել հետեւեալ հասցէին.
info@akn-chant.org

Association Akn
chant modal arménien