Կոստանդնուպոլիս, 1873։ Ազգային ժողովի Ուսումնական խորհուրդը կը կազմէ երաժշտական յանձնախումբ մը, որ շարականները քննելով պիտի պատրաստէ երգացանկի տիպ_օրինակ տարբերակը։ Յանձնախումբը նոր թեւակոխած է աշխատանքի իր երկրորդ տարին, երբ յայտնի կը դառնայ թէ Էջմիածնի մէջ Գէորգ Դ. կաթողիկոս ձեռնարկած է եկեղեցական երգերու ձայնագրութեան եւ հրատարակութեան գործին։ Կը ծագին վէճեր, կը գրուին նամակներ, յօդուածներ, նոյնիսկ կոնդակներ։ Այս բոլորէն՝ Պատմութիւնը կ՚արձանագրէ հազիւ քանի մը տող։
Երաժշտական յանձնախումբի նորայայտ ատենագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ տարիներէն պահպանուած նամակներու շնորհիւ, պատմութեան քանի մը տողերը այժմ կը վերածուին մանրապատումի։ Կ. Պոլսոյ հայութեան կենսունակ մէկ ժամանակաշրջանին ընդմէջէն, մեր առջեւ կը պարզուի՝ եկեղեցական երաժշտութեան պատմութեան վերջին դրուագը, ուր բարեկարգումը կը կատարուի առանց յարելու արտաքին չափանիշերու։
Եկեղեցական երաժշտութեան ներկային հետ ալ զուգահեռներ հաստատելով, ՁԱՅՆ ՅԱՆԱՊԱՏԻ–ն միաժամանակ կը միտի շօշափելի դարձնել՝ Ի. դարու ընթացքին Հայոց երաժշտական մտայնութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնը։
PayPal-ի միջոցաւ կրնաք գնել ՁԱՅՆ ՅԱՆԱՊԱՏԻ գիրքը,
եւ կամ գրել
info@akn-chant.org
հասցէին, գնումի կամ յաւելեալ տեղեկութեան համար։
Հեռաձայն՝
+33 (0)142067426
© AKN 2005-2024. Reproduction interdite sans accord écrit.
Site réalisé par Symétrie.
Page mise à jour le 06-05-2018.
Association Akn
chant modal arménien